ՊԷԼՃԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական

11082252_492292447597310_1299310010529690213_oՊէլճիոյ աւագ հիւպատոս Հէնրի Վան Թիէկըմ, 15 Սեպտեմբեր 2015, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելութեան ընթացքին, գաղափարի փոխանակումներ եղան Հայ Համայնքի հետ առընչուած կարգ մը նիւթերու շուրջ։ Սրբազան Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այս այցելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելու աւագ հիւպատոսին։