ՊԷՅՔՕԶԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

beykozՊէյքօզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանի, 30 Սեպտեմբեր 2014, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Պէյքօզի Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի պիտի կատարուի 23 Նոյեմբեր 2014, Կիրակի առաւօտ։ Այցելուները տեղեկութիւն տուին եկեղեցւոյ մասին եւ խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը օրուան հոգեւոր հանդիսութեան։

Նորին Սրբազնութիւնը կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Պէյքօզի Թաղային Խորհուրդի անդամներուն իրենց Աստուածահաճոյ բոլոր գործունէութեանց մէջ։