ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական

beyogluՊէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ թաղի քահանայից դասէն՝ Արժ. Տ. Միւռոն Աւ. Քհնյ. Այվազեանի, 19 Ապրիլ 2013, Ուրբաթ, ժամը 11.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 19 Մայիս 2013, Կիրակի, Հոգեգալուստի Տօնին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ տեղեկութիւն տուին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց եւ Էսայեան Վարժարանի մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց Աստուածահաճոյ ու եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։