ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

13047668_568585549967999_9088047647572450388_oՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 18 Ապրիլ 2016, Երկուշաբթի, ժամը 13.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք. Աբղ. Տօնիկեանի եւ թաղի քահանայից դասէն՝ Արժ. Տ. Միւռոն Աւ. Քհնյ. Այվազեանի։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 15 Մայիս 2016, Կիրակի, Հոգեգալուստի Տօնին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։

Արամ Արքեպս. սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։