ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

 

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, 5 Ապրիլ 2018, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

 

Այցելութեան նպատակն էր Պատրիարքական Աթոռը լուսաբանել վերջին օրերուն Թաղային Խորհրդոյ ներքին հարցերուն մասին համայնքային շրջանակներու մէջ շրջող շշուկներու ու ըսի-ըսաւներու գիծով։

 

Անոնք ընդունեցան, թէ թէեւ եկեղեցիէն ներս կային հարցեր, սակայն այդ ամէնը անլուծելի չէին եւ իրենք ամէն ջանք կը վատնէին վասն բարօրութեան եւ յանուն խաղաղութեան։

 

Թաղային Խորհուրդի անդամները տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ Թօքաթլեան Խանի յետ առնչուած զարգացումներուն, հարցի անցեալին, ներկային ու ապագայ ծրագիրներուն մասին։ Օրակարգի նիւթերէն էր նաեւ նախկին Պեզազեան Վարժարանի շէնքը, որուն մասին եւս փոխանցեցին մանրամասնութիւններ։

 

Անոնք խոստացան նաեւ, թէ ի մօտոյ պիտի յարդէին հարցերը, որոնք գոյութիւն ունէին Պէյօղլուի մէջ։

BEYOGLU NGAR

Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար, պահանջեց, որ համայնքիս խաղաղութեան ու վերելքին համար հարկաւոր էին շուտափոյթ լուծումներ,  կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։