ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՒՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՒՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

BEYOGLU

Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանի, 2 Մայիս 2017, երեքշաբթի, ժամը 14.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները յայտնեցին, որ 4 Յունիս 2017, Կիրակի, Հոգեգալստեան Տօնին Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնն էր ու այս առթիւ պիտի մատուցուէր Ս. Պատարագ։ Այցելուները խնդրեցին, որ Նորին Սրբազնութիւնը նախագահէ օրուան արարողութեան։ Անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ եկեղեցւոյ, վարժարանի եւ կալուածական հարցերու եւ արձանագրուած զարգացումներու մասին։

Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը ընդառաջեց եղած խնդրանքին, գնահատեց զիրենք, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։