ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական

ahmet mispahՊէյօղլուի Քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տէմիրճան, 10 Փետրուար 2014, Երկուշաբթի, ժամը 10.00-ին քաղաքավարական այց մը տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Նորին Սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց մեծայարգ քաղաքապետին, իր  քաղաքավարական այցելութեան համար։ Մօտ կէս ժամուայ զրոյցի ընթացքին եղաւ խորհրակցութիւն, որու աւարտին Նորին Սրբազնութիւնը անգամ մը եւս յիշեց մեծայարգ քաղաքապետին ծառայութիւնը ի նպաստ Պէյօղլուի Հայ Համայքին։