ՊԷՅՕՂԼՈՒ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՇԷՆՔԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Աշխարհական

11270292_446716465488242_8357200331629461449_o15 05 16 Beyoglu Belediyesi 2Պէյօղլուի Քաղաքապետարանի վերանորոգուած շէնքին բացումը կատարուեցաւ 16 Մայիս 2015, Շաբաթ։  Բացման հանդիսութեանց պատուոյ հիւրն էր, Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղան։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ հանդիպումին մասնակցեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան։

Պաշտօնական ուղերձներէ յետոյ,  Վսեմաշուք Նախագահի գլխաւորութեամբ պատուոյ հիւրերը, որոնց մաս կազմեց Նորին Սրբազնութիւնը, կարմիր ժապաւէնը կտրեցին։ Ապա, վերանորոգուած շէնքի յարկերը այցելելով, տեղեկութիւններ ստացան։

Նորին Սրբազնութեան հետ կատարուած կարճատեւ զրոյցի ընթացքին, Վսեմաշուք Նախագահը իր ողջոյնները յղեց Հայ Համայնքի անդամներուն, ինչպէս նաեւ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հօր առողջական վիճակով հետաքրքրուեցաւ։