ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻ ՎՐԱՅ ՅՈՒՇԱՀԱՆԴԷՍ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր

24993579_872125192947365_344018188228992636_nԱնցեալ տարի, 10 Դեկտեմբերին, Պէշիկթաշի Մարզադաշտին մօտ պատահած ահաբեկչական յարձակումին հետեւանքով շուրջ 50 հոգի իրենց կեանքերը կորսնցուցած էին։ Յարձակման վայրը անուանուած էր Նահատակաց Բլուր։ Այս ահաբեկչական յարձակման տարեդարձին, 10 Դեկտեմբեր 2017, Կիրակի գիշեր, Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ, Նահատակաց Բլուրին վրայ տեղի ունեցաւ յուշահանդէս մը։ Սոյն հանդիսութեան ներկայ էին Քաղաքապետ՝ Մուրատ Հազինէտար, Խորհրդականը՝ Նուրհան Փալաքօղլու, Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, քաղաքիս յարանուանութիւններէ ներկայացուցիչներ։ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի օրհնութեամբ, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ հանդիսութեան մասնակցեցաւ՝ Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։ Բացման խօսքէն յետոյ, յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ ծաղկեպսակ զետեղեցին դէպքի պատահած վայրը։ Այնուհետեւ Տէր Հայրը եւս Պատրիարքական Աթոռոյ ցաւակցութիւնը յայտնեց ու ծաղկեպսակ զետեղեց։ Տարբեր յարանուանութիւններէ հոգեւորականներ ապա եկան ու աղօթքներ արտասանեցին։ Այս առթիւ Գերապայծառ Տէրը իր սրտի խօսքով հանդէս եկաւ, որմէ յետոյ Տէր Հայրը Հայերէն լեզուով աղօթք մը արտասանեց։ Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ քաղաքապետ Հազինէտարի սրտի խօսքով, որուն մէջ անգամ մը եւս պախարակուեցան ահաբեկչական յարձակումները եւ վեր առնուեցաւ մարդկային կեանքի արժէքը։

  • 24991527_872125712947313_7559457736507373990_n
  • 24991077_872126069613944_9190196804650275298_n
  • 25289285_872126072947277_2949622274486970155_n