ՊԻԹԼԻՍԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

12644868_536581059835115_3956827214827072068_nՊիթլիսի Քաղաքապետ Հիւսէյին Օլանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը, 5 Փետրուար 2016, Ուրբաթ, ժամը 14.00ին, փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Յարգելի քաղաքապետը փափաքած էր Պիթլիսի մէջ գտնուող Կարմրակի Ս. Նշան եւ Տէղիրմէնալթը Գիւղի Ս. Անանիա եկեղեցիներուն բարեզարդման աշխատութիւններու զարգացումներուն մասին տեսակցիլ Սրբազան Հօր հետ։ Գաղափարի փոխանակումներ եղան, յետ բարազարդման աշխատանքերուն երբեմնի եկեղեցիներուգործածութեան ծրագիրներուն մասին։ Զրոյցի նիւթն էր նաեւ Պիթլիսցի Հայերը։ Այցելու քաղաքապետն ու Սրբազան Հայրը, գաղափարի փոխանակում ունեցան։ Սիրալիր ընդունելութեան աւարտին այցելուներ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած հիւրասիրութեան համար եւ մեկնեցան Պատրիարքարանէն։