ՊԻԼԿԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Աշխարհական

bilgiՍտանպուլի Պիլկի Համալսարանէն աշակերտներու խումբ մը, գլխաւորութեամբ համալսարանի Եւրոմիութեան Բաժանմունքի տնօրէն Փրօֆ. Տքթ. Այհան Քայաի, 11 Մարտ 2013, Երկուշաբթի, ժամը 15.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Յիսուն հոգինոց խումբին մաս կը կազմէին նաեւ նոյն համալսարանի օտար աշակերտները։ Այցելուները իրենց ստացած դասերու հետ առնչուած նիւթերուն շուրջ պրպտում կատարելու համար, փափաքած էին քաղաքավարական այցելութիւն տալ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնին։

Այնուհետեւ, հիւրերը հետաքրքրուելով Թուրքիոյ Հայ համայնքի պատմութեամբ եւ այժմու վիճակով, Նորին Սրբազնութեան հարցումներ ուղղեցին Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ համայնքի պատմութեան մասին։ Սրբազան Հայրը պատասխանեց հիւրերու հարցումներուն։

Այցելութեան աւարտին հիւրերը մեկնեցան գոհ տպաւորութեամբ։