ՊՕՂԱԶԻՉԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԻՒՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Աշխարհական

bogaziciՍտանպուլի Պօղազիչի Համալսարանի իմաստասիրութեան բաժնէն աշակերտներու խումբ մը, գլխաւորութեամբ Ֆազիլէթ Էրտօղանի եւ Ալիճան Այանլարի, 8 Ապրիլ 2013, Երկուշաբթի, ժամը 11.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրքիարքարանի Յովհաննէս Կոլոտ Թանգարանի տեսուչ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի կողմէ։

Քսան հոգինոց խումբը կը բաղկանար Ա.Մ.Ն.ու զանազան շրջաններէն օտար աշակերտներէ, որոնք Տուք Համալսարանի հետ կատարուած աշակերտաց փոփոխման ծրագրով կ՚ուսանէին Պօղազիչի Համալսարանի մէջ։  Նման կազմակերպութեամբ ամէն տարի այլ աշակերտաց խումբով մը այցելութիւն կը տրուէր Հայոց Պատրիարքարան, որ կը յիշուէր որպէս օգտաշատ աշխատութիւն։

Այնուհետեւ, հիւրերը հարցումներ ուղղեցին Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ համայնքի պատմութեան եւ այժմու վիճակի մասին։ Վաղարշակ Սարկաւագ, պատասխանեց հիւրերու հարցումներուն։ Խումբը հաճելի զրոյցէ յետոյ այցելեց, Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի անուան Թանգարանը։

Այցելութեան աւարտին հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ցուցաբերուած հիւրասիւրութեան համար եւ մեկնեցան գոհ տպաւորութեամբ։