ՌՈՒՄԱՆԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

romanyaՌումանիոյ աւագ հիւպատոս՝ Ատրիանա Քիամպա, 13 Փետրուար 2015, Ուրբաթ, յետ միջօրէին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Մեծայարգ աւագ հիւպատոսը, որ նոր ձեռնարկած է իր պաշտօնին, փափաքած էր ծանօթանալ Հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին։ Զրոյցի ընթացքին նիւթ եղաւ նաեւ Ռումանիոյ Հայութիւնը, որուն մասին հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ Մեծայարգ աւագ հիւպատոսը։

Սրբազան Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար ու Պատրիարքական Աթոռի եւ Հայ համայնքի մասին գիտելիքներ փոխանցեց։ Զրոյցի աւարտին, այցելութիւն տրուեցաւ նաեւ Աթոռանիստ Մայր Տաճար։ Սրբազան Հայրը, յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական իր նոր պաշտօնին մէջ։