ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Եկեղեցական

ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Սամաթիոյ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի Տնօրէն Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Դասուն նախագահ՝ Գերպտ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի 14 Մարտ 2018, Չորեքշաբթի ժամը 16.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

DSC04395

Անոնք Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը տեղեակ պահեցին, թէ Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք հօրմէ հրաւէր ստացած էին, որպէսզի Ս. Զատկուան Տօնին առթիւ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեն ըստ հին տոմարի՝ Ս. Տեղեաց մէջ։ Հիւրերը այս առթիւ խնդրեցին Նորին Սրբազնութեան արտօնութիւնը։ Յայտնեցին նաեւ, թէ ուխտագնացութիւնը տեղի պիտի ունենար 5-9 Ապրիլ 2018 թուականներուն միջեւ։ Սահակեան Երգչախումբի անդամները փոխանցեցին Դպրաց Դասու գործունէութեանց եւ ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւններ։

 

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ տուաւ իր օրհնութիւնը՝ մաղթելով յաջողութիւն սոյն ուխտագնացութեան առթիւ։