ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

14938125_662507140575839_6612461530892234985_nՍամաթիոյ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ դասուն նախագահ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի,10 Նոյեմբեր 2016, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները յայտնեցին, որ կը պատրաստուին տօնախմբել Դպրաց Դասու տարեդարձը կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեամբ։ 4 Դեկտեմբեր 2016, Կիրակի առաւօտ Ս. Պատարագի մատուցմամբ պիտի յիշատակուէին դպրաց դասու հանգուցեալ նախագահները, դպրապետները, վարիչնեը եւ անդամները։ Անոնք, եկած էին խնդրելու Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։

Նորին Սրբազնութիւնը, այժմէն շնորհաւորեց մօտալուտ տարեդարձը եւ յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն։