ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

22886146_852198074940077_8910771958430749236_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 1 Նոյեմբեր 2017, Չորեքշաբթի առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սամաթիոյ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդը, գլխաւորութեամբ դասուն նախագահ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի։

Այցելուներ, շնորհաւորեցին Տեղապահ Սրբազանը եւ յաջողութիւն մաղթեցին իր պաշտօնին մէջ։ Յայտնեցին, որ կը պատրաստուին տօնախմբել դպրաց դասու 315, իսկ երգչախումբին 80.րդ կրկնակ տարեդարձները։ Այս ծիրէն ներս 3 Դեկտեմբերին եւ 9 Դեկտեմբերին, Պագըրգիւղի Լէյլա Կէնճէր Մշակութային Կեդրոնին մէջ պիտի սարքուին համերգներ ու Սահակեան Երգչախումբը մշակութասէր հասարակութեան պիտի ներկայանայ տոհմիկ երգերով։ Այցելուներ հանդիսութեանց առթիւ խնրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ Տեղապահ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը։ Անոնք, եկեղեցւոյ մէջ կատարուած մանկանց եւ երիտասարդաց առաքելութեան մասին եւս տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Սրբազնութեան։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, իր ուրախութիւնը յայտնեց տրուած քաղաքավարական այցելութեան համար։ Յիշեցուց թէ Սամաթիոյ Եկեղեցին իր դարաւոր աւանդութեամբ Պոլսոյ ամենահին հոգեւոր կառոյցներէն մին է ու ուրախութիւն էր եկեղեցւոյ դպրաց դաս երգչախումբը տեսնել բարձր պատնէշի վրայ։ Մօտէն հետաքրքրուելով եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բազմակողմանի գործունէութեանց հետ ու իր հայրական յորդորները ուղղեց։ Սրբազան Հայրը հարց տուաւ թէ արդեօք ինչպէ՞ս կարելի կրնար ըլլալ ընտանիքներու ուշադրութիւնը աւելի եւս կեդրոնացնել մեր հաւատքի տուներուն։ Առողջ ապագայի մը համար, մանաւանդ մանուկներու եւ պատանիներու ներկայութիւնը անհրաժեշտութիւն էր եկեղեցիէն ներս։ Սրբազան Հայրը այս ուղղութեամբ թելադրեց, որպէսզի տեղւոյն պայմաններուն համաձայն զոյգ լեզուով գրքոյկներ պատրաստուին ու բացատորւին եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։ Այս ճամբով թերեւս կարելի կրնար ըլլալ աւելի ուշադրութիւն կեդրոնացնել եկեղեցւոյ։ Նորին Սրբազնութիւնը, ուրախութեամբ ողջունեց նաեւ դպրաց դասու կրկնակ տարեդարձները, օրհնեց ներկաները եւ յաջողութիւն մաղթեց դպրաց դասու անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։