ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԻՒՐԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Աշխարհական

sahakyanՍահակեան Վարժարանի հրաւէրով արտասահմանէն եկած խումբ մը, գլխաւորութեամբ վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Թալին Մաթուսօղլուի, 11 Մարտ 2013, Երկուշաբթի, ժամը 16.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Խումբը կը բաղկանար շուրջ եօթանասուն հոգիէ։ Ուսանողական ծրագրով մը, Սահակեան Վարժարանի հրաւէրով, զանազան երկիրներէ աշակերտներ, իրենց ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ եկած էին քաղաքս։ Իրենց կեցութեան օրերուն անոնք ծանօթացած էին քաղաքիս եւ օգտագործելով այս առիթը, փափաքած էին տեսնել  Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնը։ Անոնք նախ շրջեցան Պատրիարքարանը եւ ապա ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան հօր կողմէ։

Նորին Սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ տեղեկութիւն տուաւ Թուրքիոյ Հայ համայնքի, Հայ Եկեղեցւոյ ու Պատրիարքական Աթոռոյս պատմութեան, այժմու վիճակին։

Շուրջ մէկ ժամուան այցելութեան աւարտին հիւրերը մեկնեցան գոհ տպաւորութեամբ։