ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՀՈՆԿ ՔՈՆԿ ՄԵԿՆԵՑԱՒ

Kategori: Աշխարհական,Միջկրօնական

Պատրիարքական Աթոռոյ Միջեկեղեցական – Միջկրօնական Բաժնի Վարիչ Գերշ. Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան, 29 Սեպտեմբեր 2014, Երկուշաբթի, յետ միջօրէի,  մեկնեցաւ Չինաստան։ Սրբազան Հայրը, պիտի մասնակցի Հոնկ Քոնկ Համալսարանի Սուրբ Յովհաննէս Քոլէճի կողմէ կազմակերպուած ակադեմական ձեռնարկի մը։

Նորին Սրբազնութիւնը պիտի բանախօսէ «Իսլամ – Քրիստոնեայ Երկխօսութիւնը, Սեռային եւ Ինքնութեան Խնդիրներու Վերաբերեալ» թեմայով եւ պիտի ներկայացնէ այս նիւթերու շուրջ Ուղղափառ Եկեղեցիներու տեսակէտներն ու ուսուցումները:

Սահակ Սրբազան Հայրը, պիտի հիւրասիրուի Անկլիքան Եկեղեցւոյ կողմէ, նաեւ պիտի բանախօսէ անոնց ճեմարաններուն մէջ այլազան առիթներով: Սրբազան Հայրը Հոնկ Քոնկ կեցութեան օրերուն, պիտի այցելէ նաեւ քաղաքի նորակազմ հայ համայնքը եւ շփումներ պիտի կատարէ իրենց հետ:

Սահակ Եպիսկոպոս, քաղաքս պիտի վերադառնայ 1Օ Հոկտեմբեր, Ուրբաթ օր: