ՍԱՀԱԿ-ՄԵՍՐՈՊ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

Yesilkoy Sahak MesrobԵշիլգիւղի Սահակ-Մեսրոպ Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ դասու նախագահ՝ Արժ. Տ. Տրդատ. Քհնյ. Ուզունեանի, 6 Մայիս 2015, Չորեքշաբթի, ժամը 10.30-ին այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Տնօրէն Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ 10 Մայիս 2015, Կիրակի պիտի մատուցուի հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ, որու աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին դպրաց դասու հանգուցեալ նախագահները, դպրապետները եւ անդամները։ Այցելուները, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը խնդրեցին եւ Նորին Սրբազնութիւնը հանդիսութեանց հրաւիրեցին։ Արտայայտուեցան նաեւ դպրաց դասու աշխատութեանց մասին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց սոյն այցելութեան համար ու սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Սահակ-Մեսրոպ Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներուն, իրենց Աստուածահաճոյ ու եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։