ՍԱՄԱԹԻՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի, 29 Յուլիս 2015, Չորեքշաբթի, ժամը 16.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ 4 Հոկտեմբեր 2015, Կիրակի պիտի կատարուի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, պիտի սարքուի սիրոյ սեղան ի նպաստ Սահակեան – Նունեան Վարժարանին։ Այցելուները, շաբաթավերջի սոյն կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։

Արամ Արքեպս., ընդառաջեց եղած խնդրանքին։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։