ՍԱՄԱԹԻՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային
14068616_621567134669840_852188417537952586_oՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 24 Օգոստոս 2016, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի։
 
Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 24-25 Սեպտեմբեր թուականներուն։ 25 Սեպտեմբեր 2014, Կիրակի, Վարագայ Ս. Խաչի Տօնին պիտի կատարուի եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, պիտի սարքուի սիրոյ սեղան ի նպաստ Սահակեան – Նունեան Վարժարանին։ Այցելուները, շաբաթավերջի սոյն կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Այս առթիւ անոնք իրենց գործունէութեանց, կալուածական զարգացումներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Սրբազան Հօր։
 
Արամ Արքեպս. ընդառաջեց եղած խնդրանքին, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։