ՍԱՄԱԹԻՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

IMG_1948Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 9 Օգոստոս 2017, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ քարոզիչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի եւ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին Տեղապահ Սրբազանը եւ զօրակցութիւն յայտնեցին իր նոր պաշտօնին մէջ։ Ապա ըսին, որ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 30 Սեպտեմբեր – 1 Հոկտեմբեր թուականներուն։ 1 Հոկտեմբեր 2017, Կիրակի, Վարագայ Ս. Խաչի Տօնին պիտի կատարուի եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, պիտի սարքուի սիրոյ սեղան ի նպաստ Սահակեան – Նունեան Վարժարանին։ Այցելուները, շաբաթավերջի սոյն կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց հրաւիրեցին Տեղապահ Սրբազանը եւ խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Այցելուներ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Սրբազնութեան։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը ընդառաջեց եղած խնդրանքին։ Ան, հետաքրքրուեցաւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի հետ առընչուած խնդիրներով, որոնց մասին իր հայրական թելադրանքներն ու խորհուրդները փոխանցեց ներկաներուն։ Սամաթիոյ ընտանիքին կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։