ՍԱՄԱԹԻՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

SamatyaՍամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի, 9 Սեպտեմբեր 2014, Երեքշաբթի, ժամը 16.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 27-28 Սեպտեմբեր թուականներուն։  28 Սեպտեմբեր 2014, Կիրակի, Վարագայ Ս. Խաչի Տօնին պիտի կատարուի եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ հանգուցեալ սատարողները։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, պիտի սարքուի սիրոյ սեղան ի նպաստ Սահակեան – Նունեան Վարժարանին։ Այցելուները, շաբաթավերջի սոյն կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը ընդառաջեց եղած խնդրանքին։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, իրենց գործունէութեանց մէջ։