ՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

hepsi

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ 11 Յունուար 2015, Կիրակի, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ։ Պատկառելի Կրօնական Ժողովի որոշումով, կատարուեցան սարկաւագի եւ կիսասարակաւագներու ձեռնադրութիւններ։

Ս. Պատարագը մատոյց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ ՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան, ներկայ էին նաեւ հիւրաբար քաղաքս գտնուող Գերպ. Տ. Վազգէն Ծ. Վրդ. Գարայեան, Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեան, եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Միւռոն Աւ. Քհնյ. Այվազեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

badarak 1«Զի Ողորմած» աղօթքէն առաջ, Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս կատարեց կիսասարկաւագի ձեռնադրութիւնը, խարտաւիլակութեամբ՝ Արժ. Տ. Միւռոն Աւ. Քհնյ. Այվազեանի։ Ձեռնադրիչ Սրբազան Հայրը Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցիէին ուրարակիր դպիրներ՝ Նշան Չալկճեանի, Լեւոն Քիրէմիթճեանի, Գրիգոր Սամուէլեանի, Սարգիս Տէմիրճեանի, Արտա Քապատայըի, Նուրհան Մէնէքշէի, Մուրատ Մէնէքշէի, Մուրաթ Թոփուզօղլուի, Մուրատ Իչլինալչաի եւ Ս. Յարութիւն Եկեղեցիէն Բրկ. Գարեգին Ուր. Դպ. Պարսամեանի ձախ բազուկներուն զետեղեց ուրարը եւ յանձնեց Խորհրդատետրը, պատարագիչի զգեստները, դատարկ սկիհը։ Ապա Պահպանիչ աղօթքով օրհնեց՝ կիսասարկաւագները։

Հանդիսադիր Սրբազան Հայրը, Տէրունական Աղօթքէն առաջ, կատարեց նաեւ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ երաժշտապետ Բրկ. Նշան Կսրկ. Չալկճեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը։ Սարկաւագութեան թեկնածուն, խարտաւիլակ Արժ. Տ. Միւռոն Աւ. Քհնյ. Այվազեանի առաջնորդութեամբ մօտեցաւ ձեռնադրիչ Սրբազան Հօր եւ կատարուեցաւ կանոնական արարողութիւնը։ Ձեռնադրեալի ձախ ուսին զետեղուեցան Սարկաւագութեան խորհրդանիշ՝ ուրարը, իրենց յանձնուեցաւ բուրվառը եւ Ս. Աւետարանը ի նշան սպասարկութեան։ Ձեռնադրութեան արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

(Սարկաւագութեան Ձեռնադրութենէ դրուագ մը՝  https://www.facebook.com/video.php?v=392474110912478)