ՍԵԲԱՍՏԱՀԻՈՅ ՀԱՅԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

sivasՍեբաստիոյ Հայերու եւ Համակիրներու Միութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Սեպուհ Գոչաքի, 31 Մայիս 2013, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները, իրենց աշխատանքներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ յետոյ, յայտեցին որ 3-7 Յուլիս թուականներուն ուխտագնացութիւն պիտի կազմակերպուէր դէպի Սեբաստիա։ Անցեալ տարի, տեղի ունեցած էր միութեան կազմակերպած առաջին ուխտագնացութիւնը, որուն մասնակցած էին Ստանպուլէն եւ սփիւռքէն Սեբաստահայեր։ Մասնակիցներ թէ՛ իրենց ծննդավայրը տեսնելու եւ թէ՛ իրենց հանգուցեալները յիշատակելու առիթը գտած էին։ Ըստ իրենց, անցեալ տարի կատարուած ուխտագնացութիւնը գոհունակութիւն առթած էր նաեւ Սեբաստիոյ պետական աւագանիին, որոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնած էին նախկին Սեբաստացիները հիւրընկալելով։ Միութեան անդամները խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը։ Այս տարի եւ կը նախատեսուի մօտ 250 հոգիի մասնակցութիւնը։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց միութեան ներկայայցուցիչները, մշակուած այս ծրագիրին համար։ Ան, մաղթեց որ այս տարի եւս ուխտագնացութիւնը յաջողութեամբ պսակուի եւ մասնակիցներ ո՛չ միայն այցելեն Սեբաստիոյ տեսարժան վայրերը, այլ այս առիթը լաւագոյնս օգտագործելով աւելի ծանօթանան իրենց ծննդավայրին։   Նորին Սրբազնութիւնը կարողութիւն մաղթեց միութեան անդամներուն։