ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ ԵՒ ՆԵՐԷՍԵԱՆ-ԵՐՄՈՆԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

22181337_838429789650239_2105338094804236341_oՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 4 Հոկտեմբեր 2017, Չորեքշաբթի, միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սեմերճեան Ճեմարան եւ Ներէսեան-Երմոնեան Սանուց Միութեան ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Պերճ Զընկըքի։

Այցելուներ, շնորհաւորեցին Տեղապահ Սրբազանը եւ յաջողութիւն մաղթեցին իր նոր պաշտօնին մէջ։ Քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ անոնք տեղեկութիւն տուին նորընտիր վարչութեան աշխատութեանց եւ ծրագիրներուն մասին։ Յայտնեցին նաեւ թէ՝ 7 Հոկտեմբեր 2017, Շաբաթ, ժամը 20.00-ին, միութեան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենար տարեմուտի բացման ճաշկերոյթը։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, ողջունեց ներկաները եւ ուրախութեամբ լսեց իրենց ծրագիրներուն մասին։ Այնուհետեւ, մատնանշեց Հայ մշակոյթի պահպանման համար սանուց միութիւններու ունեցած դերը եւ այս ուղղութեամբ իր փորձառութիւնները բաժնեց վարչայիններուն հետ։ Սրբազան Հայրը, հանդիպման աւարտին օրհնեց ներկաները եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։