ՍԷԼԻՆԱ ԷՕԶՈՒԶՈՒՆ ՏՕՂԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

DSC02729ՃՀՓ Կուսակցութենէն Ստանպուլի երեսփոխանութեան թեկնածուներէն՝ Սէլինա Էօզուզուն Տօղան, 7 Մայիս 2015, Հինգշաբթի, փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Յարգարժան հիւրը տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ծրագիրներուն մասին։ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց թէ ան կը ներկայանար որպէս երեսփոխանութեան թեկնածու եւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն ապագայ գործունէութեանց մէջ։

Սէլինա Էօզուզուն Տօղան ծնած է 3 Մարտ 1977-ին Պագըրգիւղ։ Նախակրթութիւնը ստացած է թաղի Տատեան Վարժարանին մէջ։ Յետագային, ուսանած է Սէնթ Փիւլշէրի Վարժարանին եւ Նօթր Տամ Տի Սիօն Լիսէին մէջ։ Կալաթասարայ Համալսարանի Իրաւաբանութեան Ֆաքիւլթէի մէջ հետեւած է բարձրագոյն ուսման, որմէ յետոյ Պիլկի Համալսարանի Մարդային Իրաւանց Իրաւաբանութեան ճիւղէն եղած է, ստանալով մագիստրոսի տիտղոս։ Ընկերային Կազմակերպութեանց մէջ դասընթացքներու մասնակցած է։ 2004-է սկսեալ կը գործէ, որպէս իրաւաբան։