ՍԻՎՐԻՀԻՍԱՐԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

12898425_560615067431714_8782160984702475796_oՍիվրիհիսարի Քաղաքապետ Համիտ Եիւզիւկիւլլիւ, 31 Մարտ 2016, Հինգշաբթի, ժամը 14.00ին, փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Յարգելի քաղաքապետը փափաքած էր Սիվրիհիսարի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատութիւններուն մասին տեսակցիլ Նորին Սրբազնութեան հետ։ Նորոգութեան աշխատանքները մեծաւ մասամբ աւարտած կը համարուէր։ Բայց վերջին շրջաններու տեղատարափ անձրեւներէ յետոյ յայտնի դարձած էր թէ՝ եկեղեցւոյ տանիքէն ջուր կը վազէր։ Այս զարգացումներու լոյսին տակ, անհրաժեշտ դարձած էր տանիքի բարեզարդական աշխատանքները կրկնել։ Այս ուղղութեամբ, Հայ Ճարտարապետներէ օժանդակութիւն խնդրեց։ Քաղաքապետ Եիւզիւկիւլլիւ, Սիվրիհիսարի Ժամացոյցի Աշտարակի նմանատիպը նուիրեց։

Արամ Սրբազան, յոյս յայտնեց թէ աշխատութիւնը յաջողութեամբ պսակուի։ Ինք նուիրեց, Հայ Եկեղեցւոյ կերպասներու մասին գիրք մը։Սիրալիր ընդունելութեան աւարտին այցելու քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած հիւրասիրութեան համար եւ մեկնեցան Պատրիարքարանէն։

12898393_560615077431713_7363178467333451046_o