ՍԻՐՎԱՐԴ ՔԱՅԱՐ-ՄԱԼԽԱՍԵԱՆ ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿՈՉՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Կարճ լուրեր

97Պատրիարքական Աթոռի Դիւանատան վաստակաշատքարտուղարուհիներէն Սիրվարդ Քայար-Մալխասեան լման քսանտարուան ծառայութենէ յետոյ այս շաբաթ հանգստեան կոչուեցաւ։Տիկին Մալխասեանի հանգստեան կոչուելուն առիթով,գլխաւորութեամբ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր՝ ԱզգայինՊատրիարքարանի անձնակազմը 30 Յունիս 2005, Հինգշաբթի, ժամը18.00-ին հաւաքուեցաւ Պատրիարքարանի պարտէզը, թէյասեղանիշուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց Տիկին Սիրվարդիտարած նուիրեալ աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրյառաջիկայ կեանքին մէջ։

Սիրվարդ Քայար-Մալխասեան ծնած է 7 Մարտ 1962-ին Ստանպուլ։Աշակերտած է Տատեան Վարժարանի եւ Պաքըրգիւղի Լիսէի մէջ։ Ապահետեւած է Ստանպուլի Համալսարանի Գրականութեան Ֆաքիւլթէի Պատմաբանութեան ճիւղին, ուրկէ վկայուած է 1984-ին։ Յաջորդ տարիսկսած է պաշտօնավարել Պատրիարքարանի Դիւանին մէջ։ Վերջերսնոյն համալսարանի մէջ յաջողութեամբ աւարտելէ յետոյ Մագիստոսիդասընթացքներուն, այսօրերուն կը պատրաստուի աւարտաճառիպաշտպանութեան։ Ամուսնացած է Ճարտարապետ ԳէորգՄալխասեանի հետ եւ ունի մանչ զաւակ մը՝ Մասիս։