ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

12000882_489478644545357_8216326438398916606_oՍկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանի, 7 Սեպտեմբեր 2015, Երկուշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 13 Սեպտեմբեր 2015, Կիրակի, Խաչվերացի Տաղաւարին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ տեղեկութիւն տուին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններու նախագահելու հրաւիրեցին Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը։ Անոնք, ներկայացուցին նաեւ Թաղային Խորհուրդի տարեկան հաշուետուութիւնը եւ կալուածական խնդիրներու շուրջ գաղափարի փոխանակում եղաւ։

Արամ Արքեպս. սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին, մասնաւորապէս ուրախութիւնը յայտնեց ներկայացուած հաշուետուութեան մասին։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց, իրենց գործունէութեանց մէջ։