ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

14241444_628509397308947_8077287634728157178_oՍկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ նորանշանակ երէց՝ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեանի, 6 Սեպտեմբեր 2016, Երեքշաբթի, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպէր 11 Սեպտեմբեր 2016, Կիրակի, Խաչվերացի Տաղաւարին։ Այցելուները, օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին, Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութիւնը եւ տեղեկութիւն տուին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց մասին։ Այս առթիւ, գերեզմանատան եւ կալուածական նիւթերուն շուրջ կարեւոր գաղափարի փոխանակումներ եղան։

Արամ Արքեպս. սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին ու հիւրերուն կարողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։ Յաջողութիւն մաղթեց նաեւ եկեղեցւոյ նորանշանակ երէցին, իր նոր պաշտօնին մէջ։