ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

 

Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյերէց՝ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի, 11 Յուլիս 2017, Երեքշաբթի, ժամը 14.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Գարեգին Ս. Արքեպս.Պէքճեանի կողմէ։

Թաղական Խորհուրդի անդամները տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեանց մասին եւ Նորին Սրբազնութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու Վարդավառի տօնակատարութեանց։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց այցելութեան համար եւ օրհնութիւնները տուաւ Թաղական Խորհուրդի անդամներուն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։