ՍՈՄԱՅԻ ԱՂԵՏԵԱԼՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՎՇՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՂՕԹՔ

Kategori: Աշխարհական

Մանիսայի Սոմա Գաւառակի մէջ պատահած հանքային աղէտի առթիւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, 14 Մայիս 2014, Չորեքշաբթի, յանուն Պատրիարքական Աթոռի ցաւակցականներ ուղարկեց Հանրապետութեան Նախագահ՝ Ապտուլլահ Կիւլի, Վարչապետ՝ Րէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի, Մանիսայի Կուսակալ՝ Ապտիւրրահման Սավաշի, Մանիսայի Միւֆթիւ՝ Սինան Ճիհանի եւ Սոմայի Միւֆթիւ՝ Մէհմէտ Ասլանի։

Ցաւակցական գրութեան մէջ թարգման հանդիսանալով համայնքի զգացած ցաւին, իրենց կեանքերը կորուսած հայրենակիցներու համար հայցեց Աստուածային ողորմութիւն, իսկ վիրաւորեալներուն՝ արագ ապագինում։ Նաեւ մաղթեց որ հանքին մէջ արգելափակուած աշխատաւորներ, ժամ առաջ փրկուին։

18 Մայիս 2014 Կիրակի, մեր եկեղեցիներուն մէջ, աղէտեալներու համար աղօթք պիտի կատարուի, ի մխիթարութիւն մահացածներու ընտանիքներու եւ ի բժշկութիւն վիրաւորեալներու։