ՍՈՒՐԲԳՐՈՑ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆԻՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 30 Յունուար 2020, Հինգշաբթի, ժամը՝ 10.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց ԱՄՆ-ու մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն Սուրբգրոց Թանգարանի տնօրէն Էնտի Նիկմանը։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարանի տնօրէն՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։

 

Յարգելի հիւրը տեղեկութիւն փոխանցեց իր պաշտօնավարած թանգարանին ու անոր առաքելութեան մասին եւ համագործակցութեան ճամբով յարաբերութեան մշակման խնդրանք ներկայացուց Ամենապատիւ Տիրոջ։

2020 BIBLE HOUSE MUSEUM

Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարքական Աթոռոյս հանդէպ եղած սոյն փափկանկատութեան համար եւ ըսաւ թէ եթէ անհրաժեշտ պայմաններ գոյանան, կարելի կ՚ըլլայ ակնկալուած համագործակցութիւնը։

 

Յարգելի հիւրը ապա այցելեց նաեւ Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարանը։