Սուրբ Զատիկ

Kategori: Եկեղեցական

Յուլեան տոմարով Սուրբ Զատիկը տօնուեցաւ 1 Մայիս Կիրակիառաւօտ։ Երուսաղէմի Սուրբ Յարութիւն տաճարին մէջ գիշերայինժամերգութիւնները սկսան ժամը 02.30-ին։ Իսկ պոլսահայուխտաւորներն առաւօտեան 07.00ին հաւաքուեցան Հայոց Վանգիդրան մօտ, ուրկէ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր նախագահութեամբկազմուած թափօրին հետեւելով հասան Սուրբ Յարութիւն տաճարը։Տաղաւարի Սուրբ Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Գերշ. Տ. ՊարգեւԱրքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան։

Երգեցողութիւնները կատարեց Սրբոց Վարդանանց Դպրաց ԴասԵրգչախումբը, ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի։ Բազմաթիւուխտաւորներ հաղորդուեցան եւ յաւարտ Սուրբ Պատարագի առիթնունեցան այցելելու Քրիստոսի Սուրբ Գերեզմանը։ ՆորինԱմենապատուութիւնը արարողութիւններու աւարտին կազմուածթափօրով առաջնորդուեցաւ Հայոց վանքը։ Թափօրը մուտք գործեցՊատրիարքարանի դահլիճն ուր երկու պատրիարքներ անգամ մը եւողջագուրուեցան Սուրբ Յարութեան աւետիսով։ Ն.Ա.Տ. Թորգոմ Ս.Պատրիարք Հօր պահպանիչով վերջ գտաւ ընդունելութիւնը։