ՍՊԱՆԻՈՅ ԱՒԱԳ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

15384394_675246822635204_1736337574809499112_oՍպանիոյ աւագ Դեսպան՝ Ռաֆաէլ Մէնտիվիլ, 3 Դեկտեմբեր 2016, Շաբաթ, ժամը 11.00-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Սրբազան Հայրը, հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի, Հայ համայնքի մասին։ Ապա միասնաբար այցելեցին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի եւ Որդւոց Որոտման Եկեղեցին։ Այցելու դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց ու մեկնեցաւ Պատրիարքարանէն։