ՍՊԱՆԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

ispanyaՍպանիոյ աւագ հիւպատոս՝ Փապլօ Պէնավիտէս Օրկազ, 24 Յունուար 2014, Ուրբաթ, ժամը 10.30-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Մեծայարգ հիւրը, որ նոր ձեռնարկած է իր պաշտօնին, փափաքած էր ծանօթանալ Հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին։

Սրբազան Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար, հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի, Հայ համայնքի մասին եւ յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական իր նոր պաշտօնին մէջ։