ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

Ստանպուլի Ապահովութեան Տնօրէնութեան Հասարակութեան Հետ Գործակցութեան Բաժանմունքի պաշտօնեաներ, 25 Դետկեմբեր 2014, առաւօտուն այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուներ, ծանօթութիւններ տուին իրենց աշխատութեանց մասին։ Ի տարբերութիւն տնօրէնութեն այլ բաժանմունքներէն կը գործէին ժողովուրդին հետ համագործակցաբար, ն եւ զանազան ծրագիրներ կը մշակէին, մանաւանդ մանուկներու եւ պատատիներուն ցոյց տալու համար թէ ինչ է յանձանքը։ Այս ուղղութեամբ ընդգրկած էին թատրոնի միջոցով իրենց հասնելու դրութիւնը։ Թատերական պարզ ներկայացումներով մանուկներ կը սորվէին զանազանել սխալն ու ճիշտը։ Այցելուներ, պատրաստակամութիւն յայտնեցին, ի պահանջէլ հարկին այս ուղղութեամբ համագործակցիլ համայնքային վարժարաններու հետ։

Նորին Սրբազնութիւնը մարդասիրական այս աշխատանքը գնահատեց։ Իրեն համար ուրախութիւն էր լսել թէ՝ այս բաժանմունքը կը միտէր լուսաբանել նախ քան որեւէ յանձագործութիւն։ Մաղթեց որ տարուած աշխատանքը աւելի արդիւնաւորուի, որպէսզի մանուկներ փոքր տարիքին սորվին զգոյշանալ չարէն։