ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ԱՒԱԳ ՄՈՒՖԹԻԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Միջկրօնական

75Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 16 Յունիս 2005 Հինգշաբթիժամը 09.00-ին ընդունեց Ստանպուլի Իսլամաց Աւագ Մուֆթի Փրօֆ.Տքթ. Մուսթաֆա Չաղրըճըի, Իսլամական Հետազօտութեանց ԿեդրոնիՆախագահ Փրօֆ. Տքթ. Մ. Աքիֆ Այտընի եւ Մուֆթիի Օգնական՝Եուսուֆ Քավաքլըի քաղաքավարական այցելութիւնը։

Լսելով Հայ Գրերու Գիւտի եւ Աստուածաշունչ Մատեանի ՀայերէնիԹարգմանութեան տօնին  մասին, հիւրերը շնորհաւորեցին ԹուրքիոյՀայ համայնքը յանձին Նորին Ամենապատուութեան եւ մաղթեցինհոգեւոր եռանդ ու խաղաղ համակեցութիւն մահմետականհայրենակիցներուն հետ։ Այս առիթով, Փրօֆ. Այտըն,Պատրիարքարանի Մատենադարանին համար նուիրեց ԻսլամականՀանրագիտարանի 29 հատորներէն մէյմէկ օրինակ։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեանեւ նուէրին համար, նշելով որ միջկրօնական յարաբերութիւնները կըսատարեն այլակրօն հաւատացեալներու փոխըմբռնման ջաքերուն եւխաղաղ համակեցութեան, հակառակ անոր որ քաղաքագէտներտարածքաշրջանին մէջ կը շարունակեն չարաշահիլ կրօնքն լարելովքաղաքական մթնոլորտն ու ժողովուրդներու յարաբերութիւնները։