ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական
12771693_545662952260259_8094929009108267466_o
Ստանպուլի մեծայարգ Կուսակալ Վասիփ Շահին, 1 Մարտ 2016, Երեքշաբթի, 18.30-ին, Գարնան առաջին օրը ողջունելու առթիւ, իր պաշտօնատեղիին մէջ ընդուելութիւն մը սարքեց։ Ընդունելութեան մասնակցեցան Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարք, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Ս. Մետրոպոլիտ, Կաթոլիկ Ասորիներու Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Եուսուֆ Սաղ, Կաթոլիկ Քաղդէացիներու Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Ֆրանսուա Եաքան, Հրէից Րաբունապետ Ռավ Իզհաք Հալէվա եւ Ստանպուլի Միւֆթիւ Փրօֆ. Տքթ. Ռահմի Եարան։
 
Կրօնական առաջնորդներու մասնակցութեամբ, Կուսակալի պաշտօնատեղիին մէջ առաջին անգամ նման ընդունելութիւն մը կը սարքուէր։ Ընդունելութեան ընթացքին փոխանակ քաղաքական եւ կամ համայնքային հարցերու, գաղափարի փոխանակումներ եղան կրօնական նիւթերու մասին։ Մտերիմ մթնոլորտի մէջ, տեղի ունեցան կրօնական այլ նիւթերու շուրջ զրոյց, որուն առանցքը հանդիսացաւ՝ երեք միաստուածեան կրօնքներու հասարակաց եզրերը եւ միջ-կրօնական յարաբերութիւնը։ Մեծայարգ կուսակալը, մասնակից հոգեւորականներու շարքին, Սրբազան Հօր եւս փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները մեր համայնքին։
12779091_545662955593592_5251325819462164204_o