ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Աշխարհական

istanbul universitesi tarih bolumuՍտանպուլի Համալսարանի Պատմութեան ԲաժնԷն աշակերտներու խումբ մը, գլխաւորութեամբ իրենց դասախօս՝ Ռամազան Էրհան Կիւլլիւի, 29 Յունուար 2015, Հինգշաբթի առաւօտ այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Ներկայ եղաւ նաեւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Անոնք, իրենց ստացած դասերու հետ առնչուած նիւթերուն շուրջ պրպտում կատարելու համար, փափաքած էին քաղաքավարական այցելութիւն տալ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնին։

Աշակերտներ, հետաքրքրուելով Թուրքիոյ Հայ համայնքի պատմութեամբ եւ այժմու վիճակով, հարցումներ ուղղեցին Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ համայնքի պատմութեան մասին։