ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային,Միջեկեղեցական,Միջկրօնական

Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան Մշակութային Հարստութիւնները Պահպանելու բաժնի վարիչ Մահիր Փօլաթ ու ընկերակիցները 21 Նոյեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը՝ 09.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Դիւանապետ՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Հիւրերը յայտնեցին, թէ Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան երդիքին տակ հիմնուած էր «Հաւատքներու Սեղան» մը եւ քաղաքապետութիւնը կը փափաքէր, որ զանազան համայնքներու ներկայացուցիչներ ալ մաս կազմէին այս սեղանին, որպէսզի երկխօսութիւնը աւելի զարգանար ու Քաղաքապետութիւնը կարենար ծառայութիւն մատուցանելու առիթը ունենալ։

2019 INANC MASASI

Նորին Սրբազնութիւնը, իր գոհունակութիւնը յայտնեց տրուած քաղաքավարական այցելութեան եւ փոխանցուած տեղեկութեանց համար։ Գնահատեց նաեւ սոյն մերձեցումը՝ յօգուտ համայնքներու եւ յանուն հաւասարութեան սկզբունքի։ Նորին Սրբազնութիւնը կարողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

 

Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ սոյն սեղանին առժամեայ անդամ նշանակուեցաւ Արժ. Տ. Զաքար Քհնյ. Գօփարեան։