ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Kategori: Աշխարհական

ibbՍտանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան ընդհանուր քարտուղարի օգնական Մուզաֆֆէր Հաճըմուսթաֆաօղլու եւ Փոխադրութեան Բաժնի Տնօրէն Ատիլ Քարաօսմանօղլու, 2 Սեպտեմբեր 2014, Երեքշաբթի, ժամը 13.00ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Վերջերս, զգալի դարձած էր դէպի Պատրիարքարան առաջնորդող ճամբաներու անձկութիւնը ու անբաւարարութիւնը։ Այս հարցի առընչութեամբ Նորին Սրբազնութիւնը դիմած էր Մայր Քաղաքապետութեան, որպէսզի ճամբաներու բարելաւումով լուծուէր սոյն հարցը։ Այցելուները, նախ տեղեկութիւններ առին Նորին Սրբազնութենէն, ապա տեղւոյն վրայ քննարկումներ կատարեցին։ Սրբազան Հայրը այստեղ ցոյց տուաւ թէ, ինքնաշարժով Պատրիարքարան եւ Մայր Եկեղեցի այցելել փափաքողներ որքան նեղ կացութեան կը մատնուէին։ Այցելուները քննարկման արդիւնքները, ինչպէս նաեւ առաջարկները արձանագրեցին եւ յայտնեցին թէ սոյն հարցի լուծման կապակցութեամբ աշխատութիւններ պիտի տարուէին։

Նորին Սրբազնութիւնը ցուցաբերուած հետաքրքրութեան համար պաշտօնատարներու շնորհակալութիւն յայտնեց եւ մաղթեց որ լուծուի այս նեղութիւն պատճառող խնդիրը։