ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՈՍԿԵՐԻՉՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

ikoՍտանպուլի Ոսկերիչներու Միութեան վարիչներէն բաղկացեալ խումբ մը, գլխաւորութեամբ նորընտիր ատենապետ Նորայր Իշլէրի, 12 Փետրուար 2014, Չորեքշաբթի, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները յայտնեցին, որ փափաքած էին ներկայանալ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր, եւ ստանալ իր օրհնութիւնը։ Անցեալ ամիս կատարուած ընտրութիւններուն, Նորայր Իշլէր ստանձնած էր միութեան 2014-2018 տարեշրջանի ատենապետութեան պաշտօնը։  Անոնք տեղեկութիւններ տուին իրենց ծրագիրներուն մասին։ Իրենց գլխաւոր նպատակն է, Ստանպուլի տարածքին ոսկերչութեան մակարդակը բարձրացնել։

Նորին Սրբազնութիւնը, շնորհաւորեց վարիչները եւ վստահութիւնը յայտնեց թէ միութեան անդամներ Նորայր Իշլէրի մականին ներքեւ պատասխանատուութեամբ պիտի շարունակէին իրենց գործունէութիւնը։ Ուրախութիւնը յայտնեց թէ Հայ Համայքէն անդամներ եւս, ընտրուած էին վարչական պաշտօններու։  Նորին Սրբազնութիւնը կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց ապագայ գործունէութեանց մէջ։