ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՕՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Kategori: Փաստաթուղթեր

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 17 Յուլիս 2015, Ուրբաթ, ընկերակցութեամբ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի եւ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կը մեկնի Լիբանան, մասնակցելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարելի Սրբալոյս Միւռօնի Օրհնութեան արարողութեան։ Սրբազան Հայրը, Երկուշաբթի օր պիտի վերադառնայ քաղաքս։