ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական

tas hokevoraganatsՍրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առթիւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ 25 Փետրուար 2014, Երեքշաբթի առաւօտ կատարուեցաւ մեծահանդէս արարողութիւն, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի, իր շուրջն ունենալով Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը։

Ս. Պատարագը մատոյց քահանայից դասու երիցագոյն անդամ՝ Արժ. Տ. Պսակ Աւ. Քհնյ. Թէզէնլեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Բրշ. Սարկաւագներ Սեդրակ Տավութհան, Ռոպէր Ք.Աքպուլութ, Արթուն Տամատեան, Արման Պուլտուքեան եւ Բրկ. Սարվէն Ուր. Դպ. Պչաքճը։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Քահանայից Դասու անդամները, առաջնորդութեամբ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Բրկ. Էտվին Յարութիւն Ուր. Դպ. Կալիպեանի։

avakՆախքան Տէրունական Աղօթքը, Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, գնահատելով Պատրիարաքական Աթոռոյ երէց երկու քահանաներ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Քհնյ. Գույումճեան եւ Գէորգ Քհնյ. Չնարեանը, իրենց շնորհեց «Աւագութեան» պատիւ եւ «ծաղկեայ փիլոն» կրելու արտօնութիւն։

Ապա, Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան կարդաց Եղիշէ Պատմիչի գիրքէն Ղեւոնդ Երէցի ճառը, որու աւարտին իր խօսքը ուղղեց ներկայ հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր տօներէն միոյն խորհուրդը։ Անդրադարցաւ, Ս. Ղեւոնդեանց Քահանաներու պատգամին ըսելով. «Յովսէփ Կաթողիկոս, Ղեւոնդ Երէց, Վարդան Մամիկոնեան, Վարդանանց ու Ղերոնդեանց Սուրբերը մեր բոլորին շնորհեցին նոր կեանք մը։ Անոնք ի գին ամէն նեղութեան, նոյիսկ զոհաբերելով իրենց կեանքերը, Հայ Ժողովուրդին ցոյց տուին Քրիստոնէկան հաւատքի գործած հրաշքը։ Անոնք նահատակուեցան, որպէսզի բարձր պահեն Քրիսհոնեայ հաւատքը։

avak 2

hokehankisdՅաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ պաշտօն եկեղեցւոյ հանգուցեալ բոլոր սպասաւորներու հոգւոցն ի հանգիստ ։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Տաճարի յարակից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ հոգեւորականներու ի պատիւ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Սիրոյ սեղանին, արտայայտուեցաւ Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։  Տէր Հայրը, յիշեցուց որ 25 տարիներ առաջ, Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Հօր հետ, Ս. Սեղանի առջեւ ծնրադրած եւ Երջանկայիշատակ Շնորհք Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ քահանայ ձեռնադրուած էին։ Փառք տուաւ, որ Աստուած զիրենք արժանացուցած էր 25-տարիներ յետոյ, դարձեալ ծունկի գալ Ս. Սեղանի առջեւ եւ աւագութեան պատիւին։ Իր ուրախութիւնը յայտնեց թէ «աւագութեան» պատիւը կը ստանային Արամ Ս. Արքեպս.ի ձեռամբ, որ եղած էր իրենց ձեռնադրութեան խարտաւիլակը։ Այս, առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբազնութեան եւ շնորհաւորեց հոգեւորականաց դասու Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնը։

Ապա, արտայայտուեցաւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Նորին Սրբազնութիւնը կարեւորութիւնը շեշտեց Ղեւոնդեանց շարժումին։ Հայ Հոգեւորականաց դասը կարելի էր կոչել «Ղեւոնդեանց Միաբանութիւն»։ Ներկայ աշխարհի պայմաններուն, Հայ Հոգեւորականաց Դասը, կարիքը ունէր Ղեւոնդեանց Քահանաներու ոգիին։ Ներկայիս հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու նկատմամբ զգացութիւնը կը նուազէր եւ այս երեւոյթը կարելի էր անուանել հոգեւոր պատերազմ մը։ Այս պայմաններու տակ, հայ հոգեւորականը պէտք ունէր Ղեւոնդեանց Քահանայից օրինակով պայքարելու։ Նորին Սրբազնութիւնը  շնորհաւորեց բոլոր հայ հոգեւորականները ի մասնաւորի Տ. Սարգիս եւ Տ. Գէորգ Աւագ քահանայ հայրերը։

Հուսկ բանքը Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանը կատարեց եւ շնորհաւորեց Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասու անդամները, մաղթելով իրենց կարողութիւն եւ յաջողութիւն։ Սիրոյ սեղանը իր աւարտին հասաւ, հոգեւորականներու միասնաբար արտասանած աղօթքով։