Ս. Աստուածածին Եկեղեցի, Հաթայ (Անտիոք), Վաքըֆգիւղ (Մուսալեռ)

Հասցէ
(Vakıflı Köyü, 31800 Samandağı, Hatay)
Հեռ.՝ (0326) 526-1139։

Հաթայի Վագըֆգիւղը ծագում առած է 1800-ական թուականներուն Եօղունօլուք եւ Խըտըրպէյ գիւղերէն։

1895ին գիւղին բնակիչները միանալով ձեռնարկեցին եկեղեցիի մը շինութեան։ Գիւղի բնակիչներէն Թադէոս եւ Մովսէս Այնթապեան եղբայրները նուիրեցին եկեղեցւոյ եւ գերեզմանատան համար անհրաժեշտ հողը։ Շինութիւնը կատարուեցաւ գիւղի բնակիչներուն աշխատանքով ու ծախսերով։ Օծումը կատարուեցաւ Անտիոքի թեմի առաջնորդական տեղապահ Թադէոս վարդապետ Եկաւեանի ձեռամբ։

Եկեղեցին սկզբնական շրջանին մնայուն քահանայ չունէր, մինչեւ 1921 փոխն ի փոխ հոգեւոր պաշտօն կատարելու կու գային Եողունօլուք, Խըտըրպէյ եւ Գէպուսիյէ գիւղերու քահանաները, որոնց կարգին կարելի է յիշել Յովհաննէս Քհնյ. Իբրաճեանը, Պօղոս Քիւսպէկեանը, Յարութիւն Շէրպէթճեանը եւ Մատթէոս Կիւզէլեանը։ Գիւղը ունեցաւ իր հոգեւոր հովիւները՝ յանձինս Ղեւոնդ Աւագ Քահանայ Գարթունեանի եւ Սերովբէ Աւագ Քահանայ Կիւլեանի, երկուքն ալ գիւղին հարազատ զաւակները, որոնք ծառայեցին նաեւ Իսքէնտէրունի եւ Քըրըքխանի եկեղեցիներուն մէջ եւս։

Ներկայ գեղատեսիլ եկեղեցին ի հիմանէ կառուցուեցաւ 1997ին բարերարութեամբ Տիար Պետրոս Շիրինօղլուի։ Օծումը կատարուեցաւ Ն.Ա.Տ. Գարեգին Բ. Պատրիարքի ձեռամբ։

Քարտէս