Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՍԵՄԻՆ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ՄԷԿՏԵՂՈՒՄ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային
13892314_616094775217076_4492121122069755485_n 13925305_616094905217063_5216998083120873307_n  Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 12 Օգոստոս 2016, Ուրբաթ, Ժամը 21.00-ի, ընկերակցութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի եւ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ՝ Լեւոն Շատեանի, այցելեց Գնալը Կղզիի Կազդուրման Կայանը։ Այստեղ, դիմաւորուելէ յետոյ Տնօրէն Թամար Նէրկիզէ տեղեկութիւններ առաւ Կայանի աշխատութեանց մասին, որոնց կարեւորագոյներէն մին կը հանդիսանար Կիրակի առաւօտ Կայանի Ճամպազեան Խաղավայրին մէջ կատարելի Ս. Աստուածածնի Տաղաւարի առթիւ կատարելի աւանդական Քերմէսը։ Արդէն իսկ, քերմէսի աշխատութիւնները մեծ թափով կը շարունակուէին կայանի երթիկին տակ։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Խնամատար Մարմինէն Նաժտա Շատեան։
13925620_616094898550397_4637397475650604338_o
Ապա, ներկաներ մէկտեղուեցան մանուկներու հետ եւ մանուկներ բառխաղ խաղացին։ Սրբազան Հայրը ըսաւ թէ՝ այս խաղը Երջանկայիշատակ Եղիշէ Պատրիարքը խաղալ կուտար Երուսաղէմի մէջ, որպէսզի մանկանց բառամթերքը զօրանար։ Կայանի տասը աշակերտներ, իրենց ընկերներու եւս ներկայութեամբ մրցակցեցան ու մէկական տառերը օգտագործելով բառեր կազմելու ջանացին։ Մօտ մէկ ժամուայ մրցումէն յետոյ, առաջնութիւնը շահած մանկան փոքր յուշանուէր մը յանձնուեցաւ, մինչ այդ Սրբազան Հայրը փոքրիկ նուէրներ տուաւ մանկանց եւ հսկիչներուն։
13995554_616094758550411_1859743729743424430_o
Կայանի Տնօրէնութիւնը եւս առիթ համարելով մօտաւոր քերմէսը եւ սոյն այցելութիւնը, Նորին Սրբազնութեան յանձնեց յիշատակի նուէր մը, որուն վրայ կը գտնուէին Տէրունական Աղօթքի, Շնորհք Պատրիարքի, Հայոց Այբուբէնի եւ Կայանի 50-ամեակի նկարները։ Սրբազան Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց եւ յաջողութիւն մաղթեց մօտաւոր Քերմէսին սեմին։
13962657_616094755217078_5732972712925906958_n