Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ

Kategori: Եկեղեցական

64Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, իր պատուական նշխարներու գիւտի  եւ ԳնալըԿղզիի համանուն Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան առիթով նոյնեկեղեցւոյ մէջ յիշատակուեցաւ յատուկ հանդիսութիւններով։

11 Յունիս Շաբաթ առաւօտ, արարողութեանց նախագահեց Ն.Ա.Տ.Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեցՀոգշ. Հ. Սահակ Աբղ. Մաշալեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արժ. Տ.Պարգեւ Քհնյ. Նալպանտեան եւ Արթուն Տամատեան։ Իսկ երգեցողութիւնները կատարեցին ներկայ հոգեւոր հայրերը,առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։

Հայր Սուրբը քարոզին մէջ նախ պատմեց Ս. Գրիգոր Լուսարչի կեանքիվերջին շրջանը եւ ըսաւ. «Մեր հաւատքի հայրը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչիր կեանքի վերջին տարիները անցուց ճգնութեամբ։ Ուստի յատկապէսլեռներու եւ անտառներու ամայութեան մէջ, երբեմն ամիսներով կըմնար առանձնացած Աստուծոյ հետ գլուխ գլխի, Որուն իր կեանքընուիրաբերած էր եւ սիրած՝  իր ամբողջ էութեամբ։ Օր մը ետչվերադարձաւ։ Հովիւներ թաղեցին զայն իր վախճանած քարայրինմէջ։ Քանի մը տարիներ յետոյ Սուրբին նշխարները փոխադրեցին եւբերին Թորդան աւանը եւ հոն ամփոփեցին։ Այդ շրջանին սովորութիւնէր սրբոց նշխարներէն մաս մը զատել։ Յատկապէս անոր Ս. Աջըպահպանուեցաւ եւ փոխանցուեցաւ սերունդէ սերունդ, գործածուելովՄիւռոնօրհնութեան արարողութեանց ընթացքին»։

Հայր Սուրբը ապա իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Սուրբ ԳրիգորԼուսաւորչի օրինակելի վարքին ու ըսաւ. «Ան միշտ մեզի հետ է։ Բոլորս ալ կը կրենք անոր հաւատքի լոյսը, զոր պէտք է փոխանցենք մերզաւակներուն իբրեւ ամենաթանկագին աւանդ»։

Քարոզէն յետոյ, Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ ու բազմաթիւ հաւատացեալներ Ս. Հաղորդութիւն ստացան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ կատարուեցաւ հանդիսաւոր Անդաստան։

Կրօնական արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ Ներսէսեան սրահին մէջ  սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

66

(Պատրիարք Հայրը Հայր Սահակին եւ Թաղական Խորհուրդի անդամներուն հետ)

65