Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՍԻՎԱՍԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

15 04 22 sivas zadig  (3)Ս. Զատկի Տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի արտօնութեամբ, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, հովուական այցելութիւն տուին Սիվասի Հայ համայնքին։

Հայր Սուրբն ու Տէր Հայրը 20 Ապրիլ 2015, Երկուշաբթի առաւօտ, օդային ճամբով մեկնեցան Սիվաս եւ դիմաւորուեցան Երուանդ Մըղտըսի կողմէ։

15 04 22 sivas zadig  (1)Ժամը 21.00-ին Մըղտըս ընտանիքի բնակարանին մէջ մատուցուեցաւ առտնին Ս. Պատարագ, ձեռամբ Յարութիւն Աբեղայի։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեց Գրիգոր Աւ. Քահանան։ Ճաշու Գիրքը ընթերցեց քաղաքի երիտասարդ բնակիչներէն Արի Մըղտըս։ Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Հայր Սուրբը քարոզեց վեր առնելով Ս. Յարութեան Տաղաւարը եւ Ս. Պատարագի կարեւորութիւնը։ Գոհութիւն եւ փառք տուաւ որ Սիվասի մէջ եւս Ս. Յարութեան Տաղաւարը կը տօնուէր այս տարի եւս։ Քաղաքի հաւատացեալ ժողովուրդին մաղթեց՝ առողջութիւն եւ Ս. Յարութեան յոյսով տոգորուած օրեր։

Արարողութեանց աւարտին ներկաներ համախմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ։ Տէր Հայրը եւս շնորհաւորեց ներկաներու Ս. Յարութեան Տաղաւարը։ Ընդգծեց, թէ քաղաքի մերազն ժողովուրդին համար Զատկական ուրախութիւնը այսօր կ՚ապրուէր, քանի որ առանց Ս. Պատարագի եւ առանց Ս. Հաղորդութեան ապրուած Զատկական ուրախութիւնը կը մնար լոկ ընկերային շրջագծին մէջ։ Քանի որ Տէրունական տօները այս պարագային Ս. Զատիկը, իրենց հոգեւոր իմաստներով կը հարստացնէին հաւատացեալի կեանքը։  Թելադրեց, լաւագոյն կերպով օգտագործել այն բոլոր  առիթները, որոնք կը ներկայանային Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ հոգեւորականներու այցելութեամբ։

Յաջորդ առաւօտ, 21 Ապրիլ 2015, Երեքշաբթի, Ժամը 13.30-ին այցելութիւն տրուեցաւ Հայոց Գերեզմանատուն, ուր կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւն։ Ապա, գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանգուցեալ Սիվասցիներու հոգւոցն ի հանգիստ։

15 04 22 sivas zadig  (2)Հոգեւոր Հայրեր, աւելի վերջ, այցելեց քաղաքի տարեց անդամներէն միոյն բնակարանը եւ Ս. Հաղորդութիւն մատակարարեցին։

Ս. Պատարագի եւ այլ արարողութեանց մասնակիցներ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Պատրիարքական Աթոռոյ ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար։

Հոգեւոր Հայրեր, նոյն գիշեր ժամը 22.00-ի թռիչքով վերադարձան Ստանպուլ։